1
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 11:25-26
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
Յիսուս ըսաւ. – Ե՛ս եմ յարութիւնը եւ կեանքը։ Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէպէտեւ մեռնի՝ պիտի ապրի։ Իսկ ան որ ողջ է եւ ինծի կը հաւատայ՝ երբեք պիտի չմեռնի։ Կը հաւատա՞ս ըսածիս։
ஒப்பீடு
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 11:25-26 ஆராயுங்கள்
2
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 11:40
Յիսուս Մարթային ըսաւ. – Քեզի չըսի՞, որ եթէ հաւատաս՝ Աստուծոյ փառքը պիտի տեսնես։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 11:40 ஆராயுங்கள்
3
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 11:35
Յիսուս լացաւ։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 11:35 ஆராயுங்கள்
4
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 11:4
Յիսուս երբ լսեց, ըսաւ. – Այս հիւանդութիւնը ո՛չ թէ մահուան, այլ Աստուծոյ փառքին պիտի ծառայէ եւ պատճառ պիտի ըլլայ որ Աստուծոյ Որդին փառաւորուի։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 11:4 ஆராயுங்கள்
5
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 11:43-44
Ասիկա ըսելէ ետք՝ բարձր ձայնով կանչեց. – Ղազարո՛ս, դո՛ւրս եկուր։ Ու Ղազարոս դուրս ելաւ՝ ոտքերը եւ ձեռքերը պատանքով փաթթուած եւ երեսը վարշամակով ծածկուած։ Յիսուս ըսաւ անոնց. – Քակեցէ՛ք պատանքը եւ ձգեցէք որ երթայ։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 11:43-44 ஆராயுங்கள்
6
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 11:38
Յիսուս դարձեալ ներքնապէս յուզուեցաւ եւ մօտեցաւ գերեզմանին, որ քարայր մըն էր եւ որուն մուտքին քար մը դրած էին։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 11:38 ஆராயுங்கள்
7
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 11:11
Յիսուս այս խօսքերը ըսելէ ետք՝ աւելցուց. – Մեր բարեկամը՝ Ղազարոս քնացած է, երթամ արթընցնեմ զինք։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 11:11 ஆராயுங்கள்
முகப்பு
வேதாகமம்
வாசிப்புத் திட்டங்கள்
காணொளிகள்