1
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 11:28
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
Ինծի՛ եկէք դուք բոլորդ, յոգնածներ եւ բեռնաւորուածներ, եւ ես հանգիստ պիտի տամ ձեզի։
Porovnať
Preskúmať ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 11:28
2
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 11:29
Ձեր վրայ առէք իմ լուծս եւ ինձմէ սորվեցէք, որովհետեւ հեզ եմ եւ սրտով խոնարհ, եւ դուք ձեր հոգեկան հանգստութիւնը պիտի գտնէք։
Preskúmať ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 11:29
3
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 11:30
Քանի իմ լուծս դիւրաւ տանելի է եւ բեռս՝ թեթեւ։
Preskúmať ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 11:30
4
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 11:27
Հայրս ամէն ինչ տուած է ինծի, եւ ոչ ոք կը ճանչնայ Որդին՝ բացի Հօրմէն, եւ ոչ ոք կը ճանչնայ Հայրը՝ բացի Որդիէն, կամ բացի անկէ՝ որուն յայտնել ուզէ Որդին։
Preskúmať ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 11:27
5
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 11:4-5
Յիսուս պատասխանեց. – Գացէք եւ Յովհաննէսի պատմեցէք ինչ որ կը լսէք ու կը տեսնէք. ահա կոյրերը կը տեսնեն, կաղերը կը քալեն, բորոտները կը մաքրուին, խուլերը կը լսեն, մեռելները յարութիւն կ՚առնեն, եւ Աւետարանը աղքատներուն կը քարոզուի։
Preskúmať ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 11:4-5
6
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 11:15
Ականջ ունեցողը թող լսէ։
Preskúmať ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 11:15
Domov
Biblia
Plány
Videá