1
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 16:24
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
Ապա Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. – Եթէ մէկը ուզէ ինծի հետեւիլ՝ թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչը եւ ետեւէս գայ։
နှိုင်းယှဉ်
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 16:24ရှာဖွေလေ့လာလိုက်ပါ။
2
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 16:18
Քեզի կ՚ըսեմ՝ թէ ժայռ ես դուն, եւ այդ ժայռին վրայ պիտի շինեմ իմ եկեղեցիս, զոր մահն անգամ իր ամբողջ զօրութեամբ պիտի չկրնայ յաղթահարել։
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 16:18ရှာဖွေလေ့လာလိုက်ပါ။
3
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 16:19
Քեզի պիտի տամ երկինքի արքայութեան բանալիները, եւ ինչ որ կապես երկրի վրայ՝ կապուած պիտի ըլլայ երկինքի մէջ, եւ ինչ որ արձակես երկրի վրայ՝ արձակուած պիտի ըլլայ երկինքի մէջ։
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 16:19ရှာဖွေလေ့လာလိုက်ပါ။
4
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 16:25
Որովհետեւ ո՛վ որ ուզէ իր կեանքը փրկել՝ պիտի կորսնցնէ զայն, եւ ո՛վ որ ինծի համար կորսնցնէ իր կեանքը՝ պիտի գտնէ զայն։
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 16:25ရှာဖွေလေ့လာလိုက်ပါ။
5
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 16:26
Ի՞նչ օգուտ, եթէ մարդ ամբողջ աշխարհը շահի, բայց իր կեանքը կորսնցնէ, որովհետեւ ի՞նչ փրկագին պիտի տայ իր կեանքը ետ առնելու համար։
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 16:26ရှာဖွေလေ့လာလိုက်ပါ။
6
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 16:15-16
Յիսուս հարցուց անոնց. – Իսկ դո՞ւք ով կը կարծէք զիս։ Սիմոն Պետրոս պատասխանեց. – Դուն Քրիստոսն ես, կենդանի Աստուծոյ Որդին։
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 16:15-16ရှာဖွေလေ့လာလိုက်ပါ။
7
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 16:17
Յիսուս ըսաւ անոր. – Երանի՜ քեզի, Սիմոն, Յովնանի որդի, որովհետեւ ատիկա քեզի յայտնողը մարդ մը չէր, այլ իմ Հայրս, որ երկինքի մէջ է։
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 16:17ရှာဖွေလေ့လာလိုက်ပါ။
ပင်မစာမျက်နှာ
သမ္မာကျမ်းစာ
အစီအစဉ်များ
ဗီဒီယိုများ