Զգուշացէք Օրէնքի ուսուցիչներէն, որոնք կը սիրեն փառաւոր պատմուճաններով շրջիլ, հրապարակներու վրայ մարդոցմէ ողջոյններ ընդունիլ, ժողովարաններու մէջ առաջին աթոռները գրաւել եւ ընթրիքներու ընթացքին՝ պատուոյ տեղերը։ Մէկ կողմէ այրիներուն տուները անոնց ձեռքէն կը յափշտակեն, իսկ միւս կողմէ՝ կեղծաւորութեամբ իրենց աղօթքը կ՚երկարեն։ Անոնց դատապարտութիւնը աւելի խիստ պիտի ըլլայ։