1
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 11:13
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
WANTACoC
Արդ, եթէ դուք որ չար էք՝ գիտէք ձեր զաւակներուն լաւ պարգեւներ տալ, ձեր երկնաւոր Հայրը որքա՜ն աւելի լաւ պարգեւ մը՝ Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց, որոնք իրեն կը դիմեն։
နှိုင်းယှဉ်
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 11:13ရှာဖွေလေ့လာလိုက်ပါ။
2
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 11:9
Ես ալ ձեզի կ՚ըսեմ.է Խնդրեցէ՛ք Աստուծմէ եւ պիտի տայ ձեզի, փնտռեցէ՛ք եւ պիտի գտնէք, բաղխեցէ՛ք եւ պիտի բացուի ձեզի։
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 11:9ရှာဖွေလေ့လာလိုက်ပါ။
3
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 11:10
Որովհետեւ խնդրողը կը ստանայ, փնտռողը կը գտնէ եւ բաղխողին առջեւ դուռը պիտի բացուի։
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 11:10ရှာဖွေလေ့လာလိုက်ပါ။
4
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 11:2
Յիսուս ըսաւ. – Երբ կ՚աղօթէք, ըսէք. «Հա՜յր մեր, սրբաբանուի՛ անունդ. թող գայ արքայութիւնդ։
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 11:2ရှာဖွေလေ့လာလိုက်ပါ။
5
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 11:4
Եւ ներէ՛ մեր մեղքերը , քանի մենք ալ կը ներենք անոնց՝ որոնք մեզի դէմ նոյնպէս յանցանք գործած են։ Եւ թոյլ մի՛ տար որ փորձութեան մէջ իյնանք»։
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 11:4ရှာဖွေလေ့လာလိုက်ပါ။
6
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 11:3
Ամենօրեայ մեր հացը շնորհէ՛ մեզի օրէ օր։
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 11:3ရှာဖွေလေ့လာလိုက်ပါ။
7
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 11:34
Աչքն է մարմնին ճրագը. երբ աչքդ առողջ է՝ ամբողջ մարմինդ լուսաւոր կ՚ըլլայ, իսկ երբ աչքդ վատառողջ է՝ ամբողջ մարմինդ խաւար կ՚ըլլայ։
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 11:34ရှာဖွေလေ့လာလိုက်ပါ။
8
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 11:33
Ոեւէ մէկը ճրագը վառելէ ետք չի պահեր կամ կաթսայի տակ չի դներ, այլ աշտանակի վրայ կը դնէ, որպէսզի ներս մտնողները լոյսը տեսնեն։
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 11:33ရှာဖွေလေ့လာလိုက်ပါ။
ပင်မစာမျက်နှာ
သမ္မာကျမ်းစာ
အစီအစဉ်များ
ဗီဒီယိုများ