1
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:5
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
Ես եմ որթատունկը եւ դուք՝ ճիւղերը։ Ով որ ինծի միացած է եւ ես անոր՝ անիկա առատ պտուղ պիտի տայ, որովհետեւ առանց ինծի դուք ոչինչ կրնաք ընել։
နှိုင်းယှဉ်
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:5ရှာဖွေလေ့လာလိုက်ပါ။
2
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:4
Ինծի միացած մնացէք եւ ես ձեզի միացած պիտի մնամ։ Ինչպէս որ ճիւղը ինք առանձին պտուղ չի տար՝ եթէ որթատունկին միացած չըլլայ, նոյնպէս ալ դուք չէք կրնար պտուղ տալ՝ եթէ ինծի միացած չըլլաք։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:4ရှာဖွေလေ့လာလိုက်ပါ။
3
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:7
Եթէ ինծի միացած մնաք եւ խօսքերս ձեր մէջ մնան, խնդրեցէք Աստուծմէ ինչ որ ուզէք եւ պիտի տայ ձեզի։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:7ရှာဖွေလေ့လာလိုက်ပါ။
4
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:16
Դուք չէ որ զիս ընտրեցիք, այլ ե՛ս ձեզ ընտրեցի եւ նշանակեցի ձեզ՝ որ երթաք եւ պտղաբեր ըլլաք եւ ձեր պտուղը մնայուն ըլլայ, որպէսզի Հայրս տայ ձեզի ինչ որ իմ անունովս խնդրէք։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:16ရှာဖွေလေ့လာလိုက်ပါ။
5
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:13
Մեծագոյն սէրը այն սէրն է, որով մարդ ինքզինք կը զոհէ իր բարեկամներուն համար։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:13ရှာဖွေလေ့လာလိုက်ပါ။
6
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:2
Անիկա կը կտրէ վրաս հաստատուած բոլոր այն ճիւղերը որոնք պտուղ չեն տար, իսկ բոլոր անոնք որոնք պտուղ կու տան՝ յօտելով կը մաքրէ, որպէսզի աւելի պտղաբեր ըլլան։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:2ရှာဖွေလေ့လာလိုက်ပါ။
7
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:12
Իմ պատուէրս է՝ որ սիրէք իրար, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:12ရှာဖွေလေ့လာလိုက်ပါ။
8
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:8
Իմ Հայրս կը փառաւորուի՝ երբ դուք առատ պտուղ տաք եւ այսպիսով իմ աշակերտներս ըլլաք։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:8ရှာဖွေလေ့လာလိုက်ပါ။
9
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:1
Ես եմ ճշմարիտ որթատունկը, եւ Հայրս մշակն է։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:1ရှာဖွေလေ့လာလိုက်ပါ။
10
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:6
Ով որ ինծի միացած չի մնար՝ կտրուելով դուրս կը նետուի եւ կը չորնայ, նման այն ճիւղերուն՝ որ կը հաւաքեն եւ կրակը նետելով կ՚այրեն։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:6ရှာဖွေလေ့လာလိုက်ပါ။
11
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:11
Ասոնք ըսի ձեզի, որպէսզի իմ ուրախութիւնս ձեր մէջ ըլլայ եւ ձեր ուրախութիւնը կատարեալ ըլլայ։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:11ရှာဖွေလေ့လာလိုက်ပါ။
12
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:10
Եթէ գործադրէք իմ պատուիրաններս, իմ սիրոյս մէջ մնացած պիտի ըլլաք, ինչպէս որ ես Հօրս պատուիրանները գործադրելով անոր սիրոյն մէջ կը մնամ։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:10ရှာဖွေလေ့လာလိုက်ပါ။
13
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:17
Դարձեալ կը պատուիրեմ ձեզի, սիրեցէ՛ք իրար։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:17ရှာဖွေလေ့လာလိုက်ပါ။
14
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:19
Եթէ այս աշխարհին պատկանած ըլլայիք՝ աշխարհը ձեզ պիտի սիրէր, որպէս իրմէ եղող մէկը։ Բայց աշխարհը ձեզ կ՚ատէ, որովհետեւ ես ձեզ այս աշխարհէն զատեցի, եւ դուք այս աշխարհին չէք պատկանիր այլեւս։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:19ရှာဖွေလေ့လာလိုက်ပါ။
ပင်မစာမျက်နှာ
ကျမ်းစာ
အစီအစဉ်
ဗီဒီယို