1
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 12:26
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
Ով որ ուզէ ինծի ծառայել՝ պէտք է ինծի հետեւի, եւ ինծի ծառայողը պիտի ըլլայ հոն՝ ուր ես կը գտնուիմ։ Եւ Հայրս պիտի պատուէ ինծի ծառայողը։
နှိုင်းယှဉ်
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 12:26ရှာဖွေလေ့လာလိုက်ပါ။
2
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 12:25
Ով որ իր անձը կը սիրէ՝ կը կորսնցնէ զայն, իսկ ով որ իր անձը կ՚անտեսէ այս աշխարհի վրայ՝ զայն յաւիտենական կեանքին համար պահած կ՚ըլլայ։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 12:25ရှာဖွေလေ့လာလိုက်ပါ။
3
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 12:24
Վստահ գիտցէք, որ եթէ ցորենի հատիկը հողին մէջ չիյնայ եւ չմեռնի, ինք որպէս առանձին հատիկ կը մնայ, իսկ եթէ մեռնի՝ բազմաթիւ հատիկներ կու տայ։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 12:24ရှာဖွေလေ့လာလိုက်ပါ။
4
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 12:46
Ես որպէս լոյս եկայ աշխարհ, որպէսզի ով որ ինծի հաւատայ՝ խաւարի մէջ չմնայ։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 12:46ရှာဖွေလေ့လာလိုက်ပါ။
5
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 12:47
Ես չեմ դատապարտեր ան՝ որ իմ խօսքերս կը լսէ եւ սակայն չի գործադրեր, որովհետեւ չեմ եկած աշխարհը դատապարտելու, այլ՝ աշխարհը փրկելու։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 12:47ရှာဖွေလေ့လာလိုက်ပါ။
6
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 12:3
Ընթրիքի ատեն Մարիամ շիշ մը ազնիւ եւ սուղ նարդոսի իւղ առնելով՝ օծեց Յիսուսի ոտքերը եւ իր մազերով սրբեց զանոնք։ Տունը իւղին անուշահոտութեամբը լեցուեցաւ։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 12:3ရှာဖွေလေ့လာလိုက်ပါ။
7
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 12:13
արմաւենիի ճիւղեր առաւ եւ Յիսուսը դիմաւորելու ելաւ, բարձրաձայն աղաղակելով. «Ովսաննա՜, օրհնեա՜լ ըլլայ ան՝ որ կու գայ Տիրոջ անունով, Իսրայէլի թագաւորը»։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 12:13ရှာဖွေလေ့လာလိုက်ပါ။
8
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 12:23
Յիսուս պատասխանեց անոնց. – Ահա Մարդու Որդիին փառաւորուելու ժամը հասաւ։
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 12:23ရှာဖွေလေ့လာလိုက်ပါ။
ပင်မစာမျက်နှာ
ကျမ်းစာ
အစီအစဉ်
ဗီဒီယို