1
ՄԱՏԹԷՈՍ 4:4
Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017
Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Գրուած է թէ ‘Ոչ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա այն ամէն խօսքով՝ որ Աստուծոյ բերնէն կ’ելլէ’ »։
Харьцуулах
ՄԱՏԹԷՈՍ 4:4 г судлах
2
ՄԱՏԹԷՈՍ 4:10
Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոր. «[Ետիս] գնա, Սատանա՛յ, վասն զի գրուած է թէ՝ ‘Քու Տէր Աստուծոյդ երկրպագութիւն ընես ու միայն զանիկա պաշտես’»։
ՄԱՏԹԷՈՍ 4:10 г судлах
3
ՄԱՏԹԷՈՍ 4:7
Յիսուս ըսաւ անոր. «Դարձեալ գրուած է թէ՝ ‘Քու Տէր Աստուածդ չփորձես’»։
ՄԱՏԹԷՈՍ 4:7 г судлах
4
ՄԱՏԹԷՈՍ 4:1-2
Այն ատեն Յիսուս անապատը տարուեցաւ Սուրբ Հոգիէն, որպէս զի Սատանայէն փորձուի։ Քառասուն ցորեկ ու քառասուն գիշեր ծոմ պահելէն ետքը անօթեցաւ։
ՄԱՏԹԷՈՍ 4:1-2 г судлах
5
ՄԱՏԹԷՈՍ 4:19-20
Ըսաւ անոնց. «Իմ ետեւէս եկէք ու ձեզ մարդոց որսորդ ընեմ»։ Անոնք ալ շուտ մը ուռկանները թողուցին ու անոր ետեւէն գացին։
ՄԱՏԹԷՈՍ 4:19-20 г судлах
6
ՄԱՏԹԷՈՍ 4:17
Անկէ յետոյ Յիսուս սկսաւ քարոզել ու ըսել. «Ապաշխարեցէք, վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը մօտ է»։
ՄԱՏԹԷՈՍ 4:17 г судлах
Нүүр хуудас
Библи
Тѳлѳвлѳгѳѳ
Видео