1
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 17:20
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
Յիսուս պատասխանեց. – Ձեր թերահաւատութեան պատճառով։ Կ՚ըսեմ ձեզի, որ եթէ մանանեխի հատիկի մը չափ հաւատք ունենաք, պիտի կարենաք ըսել այս լերան. «Հոսկէ հոն տեղափոխուէ», եւ պիտի տեղափոխուի։ Ո՛չ մէկ բան անկարելի պիտի ըլլայ ձեզի համար։
Palyginti
Naršyti ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 17:20
2
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 17:5
Մինչ Պետրոս կը խօսէր, ահա լուսաւոր ամպ մը ծածկեց զիրենք. ամպին մէջէն ձայն մը լսուեցաւ, որ կ՚ըսէր. – Այս է իմ սիրելի Որդիս, որուն ես հաճեցայ. անոր մտիկ ըրէք։
Naršyti ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 17:5
3
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 17:17-18
Յիսուս պատասխանեց. – Ո՜վ անհաւատ եւ մոլորեալ սերունդ, մինչեւ ե՞րբ ձեզի հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ ե՞րբ պիտի հանդուրժեմ ձեզի։ Հո՛ս բերէք զայն։ Ապա Յիսուս սաստեց չար ոգին, որ դուրս ելաւ փոքրիկին մէջէն, եւ նոյն վայրկեանին փոքրիկը բժշկուեցաւ։
Naršyti ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 17:17-18
Pradžia
Biblija
Planai
Vaizdo įrašai