1
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 4:24
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
Հոգի է Աստուած, եւ անոր երկրպագուները պէտք է հոգիով եւ ճշմարտութեամբ զայն պաշտեն։
Bera saman
Njòttu ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 4:24
2
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 4:23
Բայց ժամանակը կու գայ եւ արդէն իսկ եկած է, երբ ճշմարիտ երկրպագուները հոգիով եւ ճշմարտութեամբ պիտի պաշտեն Հայրը, որովհետեւ Հայրն ալ կ՚ուզէ որ իր երկրպագուները այդպիսին ըլլան։
Njòttu ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 4:23
3
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 4:14
բայց ով որ իմ տալիք ջուրէս խմէ՝ յաւիտեան պիտի չծարաւնայ։ Ընդհակառակը, ջուրը որ ես պիտի տամ՝ անոր մէջ պիտի վերածուի աղբիւրի մը, որ ջուր կը ցայտէ եւ յաւիտենական կեանք կու տայ։
Njòttu ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 4:14
4
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 4:10
Յիսուս պատասխանեց. – Եթէ գիտնայիր Աստուծոյ պարգեւը եւ թէ ո՛վ է որ քեզի կ՚ըսէ՝ ջուր տուր ինծի, հաւանաբարդո՛ւն իրմէջուր պիտի ուզէիր, եւ անիկա քեզի կենսատու ջուր պիտի տար։
Njòttu ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 4:10
5
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 4:34
Յիսուս ըսաւ. – Իմ կերակուրս այն է՝ որ գործադրեմ զիս ղրկողին կամքը եւ լրումին հասցնեմ անոր գործը։
Njòttu ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 4:34
6
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 4:11
Կինը ըսաւ. – Տէ՛ր, դուն դոյլ անգամ չունիս, եւ ջրհորը խորունկ է. ուրեմն ուրկէ՞ պիտի ունենաս կենսատու ջուրը։
Njòttu ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 4:11
7
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 4:25-26
Կինը ըսաւ Յիսուսի. – Գիտեմ թէ Մեսիան, այսինքն Քրիստոսը պիտի գայ. երբ անիկա գայ՝ ամէն ինչ պիտի պատմէ մեզի։ Յիսուս ըսաւ. – Ե՛ս եմ անիկա, ես՝ որ հետդ կը խօսիմ։
Njòttu ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 4:25-26
8
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 4:29
Եկէք տեսէք. մարդ մը կայ, որ իմ բոլոր ըրածներս ըսաւ ինծի։ Արդեօք ա՞ն է Քրիստոսը։
Njòttu ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 4:29
Heim
Biblía
Áætlanir
Myndbönd