1
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 3:16
Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017
WA2017
Վասն զի Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ։
Bera saman
Njòttu ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 3:16
2
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 3:17
Վասն զի Աստուած իր Որդին չղրկեց աշխարհ, որպէս զի աշխարհը դատէ, հապա՝ որպէս զի աշխարհ անով փրկուի։
Njòttu ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 3:17
3
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 3:3
Պատասխան տուաւ Յիսուս եւ ըսաւ անոր. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի. ‘Եթէ մարդ մը նորէն չծնանի, չի կրնար Աստուծոյ թագաւորութիւնը տեսնել’»։
Njòttu ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 3:3
4
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 3:18
Ան՝ որ կը հաւատայ անոր՝ չի դատապարտուիր եւ ան որ չի հաւատար՝ անիկա արդէն դատապարտուած է, վասն զի Աստուծոյ միածին Որդիին անուանը չհաւատաց։
Njòttu ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 3:18
5
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 3:19
Այս է դատապարտութիւնը, որ լոյսը աշխարհ եկաւ ու մարդիկ խաւարը լոյսէն աւելի սիրեցին, քանզի իրենց գործերը չար էին։
Njòttu ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 3:19
6
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 3:30
Անիկա պէտք է որ մեծնայ, բայց ես պզտիկնամ»։
Njòttu ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 3:30
7
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 3:20
Վասն զի ամէն ո՛վ որ չարը կը գործէ, անիկա լոյսը կ’ատէ եւ լոյսին քով չի գար, որպէս զի իր գործերը չյանդիմանուին։
Njòttu ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 3:20
8
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 3:36
Ան որ Որդիին կը հաւատայ, յաւիտենական կեանքն ունի եւ ան որ Որդիին չի հնազանդիր, անիկա կեանքը պիտի չտեսնէ, հապա Աստուծոյ բարկութիւնը անոր վրայ պիտի ըլլայ։
Njòttu ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 3:36
9
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 3:14
Ինչպէս Մովսէս անապատին մէջ օձը բարձրացուց, այնպէս ալ պէտք է որ Որդին մարդոյ բարձրանայ
Njòttu ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 3:14
10
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 3:35
Հայրը կը սիրէ Որդին եւ ամէն բան անոր ձեռքը տրուած է։
Njòttu ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 3:35
Heim
Biblía
Áætlanir
Myndbönd