1
ՂՈԻԿԱՍ 19:10
Western Armenian Bible 1853
Վասն զի Որդին մարդոյ եկաւ որպէս զի կորսուածը փնտռէ ու փրկէ»։
Összehasonlít
Fedezd fel: ՂՈԻԿԱՍ 19:10
2
ՂՈԻԿԱՍ 19:38
Ու կ’ըսէին. «Օրհնեալ է թագաւորը, որ Տէրոջը անունովը կու գայ. երկնքի մէջ խաղաղութիւն ու փառք՝ բարձրութեան մէջ»։
Fedezd fel: ՂՈԻԿԱՍ 19:38
3
ՂՈԻԿԱՍ 19:9
Յիսուս ըսաւ անոր. «Այսօր այս տանը փրկութիւն եղաւ, քանզի ասիկա ալ Աբրահամի որդի է։
Fedezd fel: ՂՈԻԿԱՍ 19:9
4
ՂՈԻԿԱՍ 19:5-6
Երբ Յիսուս այն տեղը եկաւ, վեր նայելով զանիկա տեսաւ ու ըսաւ անոր. «Զա՛քէոս, շո՛ւտ ըրէ, ատկէ վար իջիր, վասն զի այսօր քու տունդ պիտի կենամ»։ Ան ալ արտորալով վար իջաւ եւ ուրախութեամբ ընդունեց զանիկա։
Fedezd fel: ՂՈԻԿԱՍ 19:5-6
5
ՂՈԻԿԱՍ 19:8
Զաքէոս կայնեցաւ ու ըսաւ Տէրոջը. «Տէ՛ր, ահա իմ ունեցածիս կէսը աղքատներուն կու տամ ու եթէ զրպարտութեամբ մէկուն զրկանք ըրած եմ, չորեքպատիկ կը հատուցանեմ անոր»։
Fedezd fel: ՂՈԻԿԱՍ 19:8
6
ՂՈԻԿԱՍ 19:39-40
Բազմութեանը մէջէն փարիսեցիներէն մէկ քանիները ըսին անոր. «Վա՛րդապետ, այդ քու աշակերտներդ յանդիմանէ»։ Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Ձեզի կ’ըսեմ, եթէ ատոնք լուռ կենան, քարերը պիտի աղաղակեն»։
Fedezd fel: ՂՈԻԿԱՍ 19:39-40
Kezdőoldal
Biblia
Tervek
Videók