1
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 15:20
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
Ապա ելաւ եւ հօրը քով գնաց։ Տակաւին տունէն բաւական հեռու էր, երբ հայրը տեսաւ զինք ու գթաց. վազելով դիմաւորեց զայն, վիզին փաթթուեցաւ եւ համբուրեց։
Comparar
Explorar ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 15:20
2
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 15:24
Որովհետեւ իմ այս զաւակս մեռած էր՝ ողջնցաւ, կորսուած էր՝ գտնուեցաւ»։ Եւ սկսան խրախճանքի։
Explorar ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 15:24
3
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 15:7
Կ՚ըսեմ ձեզի, երկինքի մէջ նոյնպէս ուրախութիւն պիտի ըլլայ մէկ ապաշխարող մեղաւորի համար, քան իննսունինը արդարներու համար, որոնք ապաշխարութեան պէտք չունին։
Explorar ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 15:7
4
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 15:18
Ելլեմ երթամ հօրս քով եւ ըսեմ իրեն.է Հա՛յր, մեղանչեցի Աստուծոյ եւ քեզի դէմ.
Explorar ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 15:18
5
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 15:21
Որդին հօրը ըսաւ. «Հա՛յր, մեղանչեցի Աստուծոյ եւ քեզի դէմ. այլեւս արժանի չեմ քու որդիդ կոչուելու»։
Explorar ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 15:21
6
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 15:4
Ենթադրենք որ ձեզմէ մէկը հարիւր ոչխար ունի։ Երբ անոնցմէ մէկը կորսնցնէ, չի՞ ձգեր իննսունինը արօտավայրին մէջ եւ չ՚ե՞րթար կորսուածին ետեւէն, մինչեւ որ գտնէ զայն։
Explorar ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 15:4
Inicio
Biblia
Planes
Vídeos