1
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 12:40
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
Ուրեմն, դուք ալ պատրաստ եղէք, որովհետեւ Մարդու Որդին ձեր չակնկալած ժամուն կրնայ գալ։
Vergleichen
Studiere ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 12:40
2
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 12:31
Այլ, ուզեցէք որ Աստուծոյ արքայութիւնը գայ, եւ Աստուած այդ բոլորը աւելիով պիտի տայ ձեզի։
Studiere ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 12:31
3
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 12:15
Ապա դառնալով ժողովուրդին, շարունակեց. – Նայեցէք եւ զգուշացէ՛ք ագահութեան բոլոր տեսակներէն, որովհետեւ մարդու մը կեանքը կախեալ չէ՛ իր ամբարած հարստութենէն։
Studiere ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 12:15
4
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 12:34
Որովհետեւ ուր որ է ձեր հարստութիւնը՝ հոն կ՚ըլլայ նաեւ ձեր սիրտը։
Studiere ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 12:34
5
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 12:25
Մտահոգուիլը կանգունով մը կ՚երկարէ՞ ձեր հասակը։
Studiere ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 12:25
6
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 12:22
Ապա Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. – Ահա թէ ինչո՛ւ կ՚ըսեմ ձեզի.է Մի՛ մտահոգուիք ձեր կեանքին համար՝ թէ ի՛նչ պիտի ուտէք, եւ ո՛չ ալ ձեր մարմինին համար՝ թէ ի՛նչ պիտի հագնիք։
Studiere ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 12:22
7
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 12:7
Գալով ձեզի, ձեր գլխուն իւրաքանչիւր մազն իսկ համրուած է։ Հետեւաբար մի՛ վախնաք, որովհետեւ դուք բոլոր ճնճղուկներէն աւելի արժէք ունիք Աստուծոյ աչքին։
Studiere ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 12:7
8
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 12:32
Մի՛ վախնար, փոքրիկ հօտ, որովհետեւ ձեր Հայրը հաճեցաւ ձեզի տալ արքայութիւնը
Studiere ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 12:32
9
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 12:24
Դիտեցէ՛ք ագռաւները, որոնք ո՛չ կը սերմանեն, ո՛չ կը հնձեն, ո՛չ շտեմարաններ եւ ո՛չ ալ ամբարներ ունին, սակայն Աստուած կը կերակրէ զանոնք։ Իսկ պիտի չկերակրէ՞ ձեզ, դուք՝ որ իր աչքին թռչուններէն գերազանց էք։
Studiere ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 12:24
10
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 12:29
Հետեւաբար, մի՛ մտահոգուիք ո՛չ ձեր ուտելիքով եւ ո՛չ ալ ձեր խմելիքով, եւ մի՛ մտատանջէք դուք ձեզ
Studiere ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 12:29
11
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 12:28
Եթէ Աստուած այդպէս աղուոր կը հագցնէ խոտը՝ որ այսօր դաշտին մէջ է եւ վաղը կրակը պիտի նետուի, ձեզ աւելի լաւ պիտի չհագցնէ՞ թերահաւատնե՛ր։
Studiere ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 12:28
12
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 12:2
Չկայ ծածուկ բան որ չյայտնուի եւ ոչ ալ գաղտնի բան՝ որ չգիտցուի։
Studiere ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 12:2
Home
Bibel
Lesepläne
Videos