Աշակերտները գացին եւ ինչպէս Յիսուս իրենց պատուիրեր էր՝ ըրին Ու բերին էշն ու աւանակը, անոնց վրայ իրենց հանդերձները դրին ու նստաւ։ Ժողովուրդէն շատեր իրենց հանդերձները ճամբուն վրայ փռեցին եւ ուրիշներ ծառերէն ճիւղեր կը կտրէին ու ճամբուն վրայ կը տարածէին։ Ժողովուրդը առջեւէն ու ետեւէն կ’երթար, կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին. «Ովսա՛ննա, Որդի Դաւթի։ Օրհնեալ է ան որ Տէրոջը անունովը կու գայ. Ովսա՛ննա ի բարձունս»։ Երբ անիկա Երուսաղէմ մտաւ բոլոր քաղաքը շարժեցաւ ու ըսաւ. «Ո՞վ է աս»։ Շատեր ըսին. «Ասիկա Յիսուս Մարգարէն է Գալիլիայի Նազարէթէն»։
Share
Read ՄԱՏԹԷՈՍ 21
Save verses, read offline, watch teaching clips, and more!
YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy
Home
Bible
Plans
Videos