Մէկշաբթի օրը առտուն շատ կանուխ, կիները գերեզման գացին ու տարին այն խունկերը որոնք պատրաստեր էին եւ ուրիշ կիներ ալ անոնց հետ։ Ու քարը գերեզմանէն մէկդի գլորուած գտան։ Ներս մտնելով՝ Տէր Յիսուսին մարմինը չգտան։ Երբ դեռ անոնք այս բանին համար տարակուսանքի մէջ էին, ահա երկու մարդիկ լուսափայլ հանդերձներով հասան անոնց։ Երբ վախով լեցուած՝ երեսնին դէպի գետինը ծռեցին, այն մարդիկը ըսին անոնց. «Ինչո՞ւ համար ողջը մեռելներուն հետ կը փնտռէք. Հոս չէ ան, հապա յարութիւն առաւ. մտքերնիդ բերէք թէ ի՛նչ ըսաւ ձեզի, երբ դեռ Գալիլիայի մէջ էր. ‘Որդին մարդոյ պէտք է որ մեղաւոր մարդոց ձեռքը մատնուի ու խաչը ելլէ ու երրորդ օրը յարութիւն առնէ’»։ Մտքերնին բերին անոր խօսքերը։
Share
Read ՂՈԻԿԱՍ 24
Save verses, read offline, watch teaching clips, and more!
YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy
Home
Bible
Plans
Videos