Անոնք ալ մէկտեղ գալով՝ կը հարցնէին իրեն ու կ’ըսէին. «Տէ՛ր, Իսրայէլի թագաւորութիւնը այս ժամանակի՞ն նորէն պիտի հաստատես»։ Ըսաւ անոնց. «Ձեզի չի՛ վերաբերիր ժամերը եւ ժամանակները գիտնալը, որ Հայրը իր իշխանութեանը մէջ դրաւ. Բայց Սուրբ Հոգին ձեր վրայ եկած ատենը զօրութիւն պիտի առնէք ու ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք Երուսաղէմի մէջ եւ բոլոր Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ ու մինչեւ երկրին ծայրերը»։ Եւ երբ այս բաները ըսաւ, մինչ անոնք կը նայէին, համբարձաւ։ Ամպ մը զանիկա անոնց աչքէն ծածկեց։ Երբ աչքերնին տնկած դէպի երկինք կը նայէին անոր ետեւէն, ահա երկու ճերմակ հանդերձներով մարդ իրենց քով կայնեցան, Որոնք ըսին. «Ո՛վ Գալիլիացի մարդիկ, ինչո՞ւ կայներ դէպի երկինք կը նայիք. այս Յիսուսը որ ձեզմէ երկինք համբարձաւ, այսպէս պիտի գայ՝ ինչպէս տեսաք անոր երկինք երթալը»։
Share
Read ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 1
Save verses, read offline, watch teaching clips, and more!
YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy
Home
Bible
Plans
Videos