YouVersion Logo
Search Icon

ԵՐԿՐՈՐԴ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԵՑԻՍ 3

3
ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ ԱՂՕԹԵՑԷՔ
1Վերջապէս, եղբա՛յրներ, մեզի համար աղօթեցէ՛ք, որպէս զի Տէրոջը խօսքը յառաջանայ ու փառաւորուի ամէն տեղ՝ ինչպէս ձեր մէջ։ 2Որպէս զի անիրաւ ու չար մարդոցմէ ազատինք, վասն զի ամէնքը #3:2 Կամ, հաւատարմութիւնհաւատք չունին։ 3Բայց Տէրը հաւատարիմ է եւ ձեզ պիտի հաստատէ ու չարէն պահէ։ 4Ձեր վրայ վստահութիւն ունինք Տէրոջմով, թէ ինչ որ ձեզի պատուիրեցինք՝ կ’ընէք ու պիտի ընէք ալ։ 5Եւ Տէրը ձեր սրտերը դէպի Աստուծոյ սիրոյն ու Քրիստոսին համբերութեանը ուղղէ։
ԳՈՐԾԵԼՈՒ ՀԱՐԿԱԴՐԱՆՔ
6Ձեզի կը պատուիրենք, եղբա՛յրներ, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին անունովը, որ ե՛տ քաշուիք ամէն եղբօրմէ, որ անկարգութեամբ կը վարուի ու ոչ թէ այն աւանդութեանը պէս՝ որը մեզմէ առիք։ 7Վասն զի դուք ինքնիրեննիդ գիտէք թէ պէտք է մեզի նմանիք քանզի մենք ձեզի հետ ծուլութեամբ չվարուեցանք, 8Ոչ ալ մէկուն հացը ձրի կերանք. հապա ջանքով եւ աշխատանքով գիշեր ու ցորեկ կը գործէինք՝ ձեզմէ մէկո՛ւն նեղութիւն չտալու համար. 9Ոչ թէ մենք իշխանութիւն չունէինք, այլ անձերնիս ձեզի օրինակ ըրինք՝ որպէս զի մեզի նմանիք։ 10Վասն զի երբ մենք ձեր քով էինք ձեզի կ’ըսէինք, թէ «Ան որ չուզեր գործել, հաց ալ թող չուտէ»։ 11Արդ՝ կը լսենք թէ ձեր մէջէն ոմանք ծուլութեամբ կը վարուին ու չեն գործեր, հապա ծոյլ ծոյլ կը պտըտին։ 12Այնպիսիներուն կը պատուիրենք ու կ’աղաչենք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսով, որ հանդարտութեամբ գործեն եւ իրենց հացը ուտեն։ 13Բայց դո՛ւք, եղբա՛յրներ, մի՛ ձանձրանաք բարիք գործելէ։ 14Եթէ մէկը չի հնազանդիր այս թուղթին մէջ մեր ըսած խօսքին՝ դուք նշանակեցէք զանիկա ու անոր հետ մի՛ խառնուիք, որպէս զի ամչնայ։ 15Բայց չըլլայ թէ թշնամի սեպէք զանիկա, հապա եղբօր պէս խրատեցէ՛ք։ 16Եւ ինքը՝ խաղաղութեան Տէրը՝ ամէն կերպով ձեզի խաղաղութիւն տայ ամէն ատեն. Տէրը ձեր ամենուն հետ ըլլայ։
ՎԵՐՋԻՆ ԽՕՍՔ
17Այս ողջոյնը իմ ձեռքիս՝ Պօղոսինն է, որ ամէն թուղթերու մէջ նշան է. այսպէս կը գրեմ։ 18Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը ձեր ամենուն հետ ըլլայ։ Ամէն։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in