ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 2:14-15
ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 2:14-15 WARMB
Բայց գոհութիւն Աստուծոյ, որ միշտ մեզի յաղթութիւն կու տայ Քրիստոսով ու զինք ճանչնալուն հոտը մեզմով յայտնի կ’ընէ ամէն տեղ։ Վասն զի մենք Աստուծոյ առջեւ Քրիստոսին անոյշ հոտն ենք թէ՛ փրկուածներուն մէջ եւ թէ՛ կորսուածներուն։