ՄԱՐԿՈՍ 8
8
ՅԻՍՈՒՍ ՉՈՐՍ ՀԱԶԱՐԸ ԿԸ ԿԵՐԱԿՐԷ
(Մատթ. 15.32-39)
1Այն օրերը ժողովուրդը խիստ շատ ըլլալով եւ ուտելու բան մը չունենալով, Յիսուս իրեն կանչեց իր աշակերտները ու ըսաւ անոնց. 2«Կը խղճամ այդ ժողովուրդին վրայ, վասն զի հիմա երեք օր է, որ իմ քովս են եւ բան մը չունին ուտելու։ 3Եթէ ատոնք անօթի ղրկեմ իրենց տուները, ճամբուն մէջ պիտի մարին, վասն զի ատոնցմէ ոմանք հեռու տեղէ եկած են»։ 4Իր աշակերտները պատասխան տուին իրեն. «Այս անապատին մէջ ուրկէ՞ կրնայ մէկը հացով կշտացնել ատոնք»։ 5Յիսուս հարցուց անոնց. «Քանի՞ նկանակ ունիք»։ Անոնք ըսին. «Եօթը»։ 6Հրաման ըրաւ ժողովուրդին՝ որ գետնին վրայ նստին։ Առաւ եօթը նկանակը, գոհացաւ եւ կտրեց ու տուաւ աշակերտներուն, որպէս զի ժողովուրդին առջեւ դնեն եւ դրին։ 7Քանի մը մանր ձուկեր ալ ունէին։ Օրհնեց ու ըսաւ որ զանոնք ալ դնեն անոնց առջեւ։ 8Կերան ու կշտացան ու աւելցած կտորուանքը վերցուցին եօթը զամբիւղ։ 9Ուտողները չորս հազարի չափ էին ու արձակեց զանոնք։ 10Եւ շուտ մը նաւ մտնելով աշակերտներուն հետ՝ գնաց Դաղմանութայի կողմերը։
ՓԱՐԻՍԵՑԻՆԵՐԸ ՀՐԱՇՔ ՄԸ ԿԸ ԽՆԴՐԵՆ
(Մատթ. 16.1-4)
11Փարիսեցիները ելլելով՝ սկսան անոր հետ վիճաբանութիւն ընել եւ զանիկա փորձելով՝ իրմէ նշան մը կ’ուզէին երկնքէն։ 12Անիկա իր հոգիին մէջ հառաչելով՝ ըսաւ. «Ինչո՞ւ այս ազգը նշան կ’ուզէ։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի որ այս ազգին նշան պիտի չտրուի»։ 13Ու զանոնք թող տալով նորեն նաւը մտաւ ու գնաց ծովուն միւս կողմը։
ՓԱՐԻՍԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՀԵՐՈՎԴԷՍԻՆ ԽՄՈՐԸ
(Մատթ. 16.5-12)
14Հաց առնել մոռցեր էին, բայց նաւուն մէջ իրենց հետ միայն մէկ նկանակ ունէին։ 15Պատուիրեց անոնց ու ըսաւ. «Նայեցէ՛ք եւ զգուշացէ՛ք Փարիսեցիներուն ու Հերովդէսին խմորէն»։ 16Անոնք իրարու հետ կը խորհէին ու կ’ըսէին. «Հաց չունենալնուս համար է»։ 17Յիսուս անոնց խորհուրդը իմանալով՝ ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ կը խորհիք թէ հաց չունիք. տակաւին չէ՞ք հասկնար ու չէ՞ք իմանար. դեռ սրտերնիդ թմրա՞ծ է։ 18Աչքեր ունիք ու չէ՞ք տեսներ եւ ականջներ ունիք ու չէ՞ք լսեր։ 19Չէ՞ք յիշեր, երբ հինգ նկանակը հինգ հազարին կտրեցի։ Քանի՞ կողով լեցուն կտորուանք վերցուցիք»։ Ըսին անոր. «Տասներկու»։ 20«Ու երբ եօթը նկանակը չորս հազարին կտրեցի, քանի՞ զամբիւղ լեցուն կտորուանք վերցուցիք»։ Անոնք ալ ըսին. «Եօթը»։ 21Ու ըսաւ անոնց. «Հապա ի՞նչպէս չէք հասկնար»։
ՅԻՍՈՒՍ ԲԵԹՍԱՅԻԴԱՅԻ ՄԷՋ ԿՈՅՐ ՄԸ ԿԸ ԲԺՇԿԷ
22Երբ Բեթսայիդա գնաց, անոր առջեւ կոյր մը բերին ու կ’աղաչէին իրեն որ դպչի անոր։ 23Անիկա կոյրին ձեռքէն բռնելով գիւղէն դուրս հանեց ու անոր աչքերուն թքնելով՝ ձեռքը անոր վրայ դրաւ ու հարցուց անոր թէ՝ բան մը կը տեսնէ՞։ 24Ան ալ նայեցաւ ու ըսաւ. «Մարդիկ կը տեսնեմ ծառերու պէս որ կը պտըտին»։ 25Նորէն ձեռքը անոր աչքերուն վրայ դրաւ ու անոր նայիլ տուաւ եւ ողջնցաւ ու ամէն բան համարձակ կը տեսնէր։ 26Ետքը զանիկա իր տունը ղրկելով՝ ըսաւ. «Գիւղը մի՛ մտներ ու գիւղին մէջ մարդու մի՛ ըսեր»։
ՊԵՏՐՈՍԻՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՅԻՍՈՒՍԻ ՄԱՍԻՆ
(Մատթ. 16.13-20, Ղուկ. 9.18-21)
27Յիսուս իր աշակերտներուն հետ մէկտեղ Փիլիպպոսի Կեսարիայի գիւղերը ելաւ ու ճամբուն մէջ հարցուց իր աշակերտներուն ու ըսաւ անոնց. «Ինծի համար ո՞վ կ’ըսեն մարդիկ թէ եմ»։ 28Անոնք պատասխան տուին ու ըսին. «Ոմանք ՝ Յովհաննէս Մկրտիչը, ուրիշներ ալ՝ Մարգարէներէն մէկը»։ 29Եւ ինք ըսաւ անոնց. «Հապա դո՞ւք ինծի համար ո՞վ կ’ըսէք թէ եմ»։ Պատասխան տուաւ Պետրոս ու ըսաւ անոր. «Դուն ես Քրիստոսը»։ 30Սաստիկ պատուիրեց անոնց՝ որ իրեն համար մարդո՛ւ բան չըսեն։
ՅԻՍՈՒՍ ԻՐ ՉԱՐՉԱՐԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՄԱՀՈՒԱՆ ՄԱՍԻՆ ԿԸ ԽՕՍԻ
(Մատթ. 16.21-28, Ղուկ. 9.22-27)
31Ապա սկսաւ սորվեցնել անոնց, թէ «Պէտք է որ Որդին մարդոյ շատ չարչարանքներ կրէ ու երէցներէն եւ քահանայապետներէն ու դպիրներէն մերժուի ու սպաննուի եւ երեք օրէն յետոյ յարութիւն առնէ»։ 32Ու այս խօսքը յայտնի խօսեցաւ։ Պետրոս մէկդի առաւ զանիկա ու սկսաւ յանդիմանել։ 33Ինք դարձաւ ու իր աշակերտներուն նայելով՝ յանդիմանեց Պետրոսը ու ըսաւ. «Ետի՛ս գնա, Սատանայ, վասն զի դուն Աստուծոյ բաները չես մտածեր, հապա մարդոց բաները»։
34Ժողովուրդը իր աշակերտներուն հետ մէկտեղ իրեն կանչելով՝ ըսաւ անոնց. «Ով որ կ’ուզէ իմ ետեւէս գալ, թող իր անձը ուրանայ եւ իր խաչը վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ։ 35Վասն զի ով որ կ’ուզէ իր անձը ապրեցնել, պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ով որ ինծի ու աւետարանին համար իր անձը կը կորսնցնէ, պիտի ապրեցնէ զանիկա։ 36Քանզի ի՞նչ օգուտ է մարդուն՝ որ բոլոր աշխարհը վաստկի եւ իր անձը կորսնցնէ. 37կամ իր անձին համար ի՞նչ ազատչէք պիտի տայ մարդ։ 38Վասն զի ով որ զիս ու իմ խօսքերս դաւանիլը ամօթ սեպէ այս շնացող ու մեղաւոր ազգին մէջ, Որդին մարդոյ ալ զանիկա դաւանիլը ամօթ պիտի սեպէ՝ երբ գայ իր Հօրը փառքովը սուրբ հրեշտակներուն հետ»։ Եւ ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, որ հոս ներկայ եղողներէն մէկ քանիները կան՝ որոնք մահուան համը պիտի չառնեն, մինչեւ տեսնեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը զօրութիւնով եկած»։
Currently Selected:
ՄԱՐԿՈՍ 8: WA2017
Highlight
Share
Copy

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
© Իրաւունքը Վերապահեալ Լիբանանի Աստուածաշունչի Ընկերութեան 2017
© Bible Society in Lebanon 2017