YouVersion Logo
Search Icon

ՄԱՐԿՈՍ 7

7
ՆԱԽՆԻՔՆԵՐՈՒՆ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄԸ
(Մատթ. 15.1-9)
1Իր քով ժողվուեցան Փարիսեցիներէն ու դպիրներէն ոմանք որ Երուսաղէմէն եկած էին։ 2Երբ տեսան թէ անոր աշակերտներէն ոմանք պիղծ, այսինքն անլուայ ձեռքերով՝ հաց կ’ուտեն, մեղադրեցին, 3վասն զի Փարիսեցիներն ու բոլոր Հրեաները մինչեւ աղէկ մը ձեռքերնին չլուան՝ հաց չեն ուտեր, քանզի ծերերուն աւանդութիւնը կը բռնեն։ 4Շուկայէն եկած ատեննին եթէ չլուացուին՝ չեն ուտեր։ Ասոնց նման շատ բաներ կան, որոնք ընդունած են ու կը բռնեն, այսինքն գաւաթներու եւ փարչերու ու պղնձէ ամաններու եւ անկողիններու լուացումներ։ 5Այն ատեն Փարիսեցիներն ու դպիրները հարցուցին անոր. «Ինչո՞ւ քու աշակերտներդ ծերերուն աւանդութեանը պէս չեն շարժիր ու անլուայ ձեռքերով հաց կ’ուտեն»։ 6Ան ալ պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Աղէկ մարգարէութիւն ըրաւ Եսայի ձեզի՝ կեղծաւորներուդ համար, ինչպէս գրուած է. ‘Այս ժողովուրդը միայն շրթունքներովը զիս կը պատուէ, բայց իրենց սիրտը հեռացած, զատուած է ինծմէ 7ու պարապ տեղը զիս կը պաշտեն, մարդոց պատուիրած բաները իբրեւ վարդապետութիւն սորվեցնելով’։ 8Վասն զի Աստուծոյ պատուիրանքը թողելով՝ մարդոց աւանդութիւնը կը բռնէք, ինչպէս ՝ փարչերու եւ գաւաթներու մաքրութիւններ եւ ասոնց նման շատ ուրիշ բաներ կ’ընէք»։ 9Ու ըսաւ անոնց. «Աղէկ կ’անարգէք Աստուծոյ պատուիրանքը, որպէս զի ձեր աւանդութիւնը պահէք։ 10Քանզի Մովսէս ըսաւ. ‘Քու հայրդ ու մայրդ պատուէ. եւ ով որ իր հայրը կամ մայրը անիծէ, մահով թող մեռնի’։ 11Բայց դուք կ’ըսէք. ‘Եթէ մէկը իր հօրը կամ մօրը ըսէ՝ Այն բանը զոր ինծմէ պիտի շահիս Աստուծոյ տալու կորբան է,’ (որ ըսել է՝ ընծայ), ‘ազատ կ’ըլլայ անիկա’. 12եւ ա՛լ թող չէք տար անոր բան մը ընել իր հօրը կամ իր մօրը. 13ու Աստուծոյ խօսքը կը խափանէք ձեր աւանդութիւնովը եւ ասոր նման շատ ուրիշ բաներ կ’ընէք»։
ԲԱՆԵՐ, ՈՐ ՄԱՐԴԸ Կ’ԱՊԱԿԱՆԵՆ
(Մատթ. 15.10-20)
14Բոլոր ժողովուրդը իրեն կանչելով՝ ըսաւ անոնց. «Լսեցէք ինծի ամէնքդ ու հասկցէք։ 15Բան մը չկայ որ դուրսէն մարդուն ներսը մտնէ ու կարող ըլլայ զանիկա պղծել, հապա այն բաները, որ անկէ կ’ելլեն, անոնք են որ մարդը կը պղծեն։ 16Ով որ լսելու կանջ ունի՝ թող լսէ»։
17Երբ ինք այն բազմութենէն զատուելով տուն մտաւ, իր աշակերտները հարցուցին իրեն այն առակին համար։ 18Ըսաւ անոնց. «Դո՞ւք ալ այդպէս անմիտ էք. չէ՞ք հասկնար թէ ամէն ինչ որ դուրսէն մարդուն ներսիդին կը մտնէ, չի կրնար զանիկա պղծել. 19վասն զի ոչ թէ անոր սրտին մէջ կը մտնէ, հապա փորը եւ արտաքնոցը կ’ելլէ (ուստի բոլոր ուտելիքները մաքուր են)»։ 20Եւ շարունակեց. «Ինչ որ կ՛ելլէ մարդուն ներսէն, անիկա կը պղծէ մարդը։ 21Վասն զի ներսէն, մարդոց սրտէն, կ’ելլեն չար խորհուրդներ, շնութիւններ, պոռնկութիւններ, սպանութիւններ, 22գողութիւններ, ագահութիւններ, չարութիւններ, նենգութիւն, գիջութիւն, չար աչք, հայհոյութիւն, ամբարտաւանութիւն, անզգամութիւն։ 23Այս բոլոր չար բաները ներսէն կ’ելլեն ու կը պղծեն մարդը»։
ԿՆՈՋ ՄԸ ՀԱՒԱՏՔԸ
(Մատթ. 15.21-28)
24Անկէ ելլելով Տիւրոսի ու Սիդոնի սահմանները գնաց։ Տուն մը մտնելով չէր ուզեր որ մէկուն յայտնուի, բայց չկրցաւ ծածկուիլ։ 25Ահա կին մը, որուն աղջիկը պիղծ ոգի ունէր իր ներսիդին, լսեց անոր գալը, եկաւ, անոր ոտքը ինկաւ։ 26Այն կինը #7.26 Յուն., Յոյնհեթանոս էր, ազգով Փիւնիկ Ասորի ու կ’աղաչէր անոր՝ որ դեւը իր աղջիկէն հանէ։ 27Յիսուս ըսաւ անոր. «Թող տուր որ առաջ տղաքը կշտանան, քանզի աղէկ չէ տղոցը հացը առնել ու շուներուն ձգել»։ 28Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Այո՛, Տէ՛ր, վասն զի շուներն ալ՝ սեղանին տակ տղոցը փշրանքներէն կը կերակրուին»։ 29Յիսուս ըսաւ անոր. «Այդ խօսքիդ համար գնա՛, քու աղջիկէդ դեւը ելաւ»։ 30Կինը իր տունը երթալով, գտաւ որ դեւը ելած էր ու աղջիկը անկողնին վրայ պառկած էր։
ՅԻՍՈՒՍ ԽՈՒԼ ՈՒ ՀԱՄՐ ՄԱՐԴ ՄԸ ԿԸ ԲԺՇԿԷ
31Նորէն Տիւրոսի ու Սիդոնի սահմաններէն ելլելով, գնաց Գալիլիայի ծովեզերքը, Դեկապոլիսի սահմաններուն մէջէն։ 32Մէկը բերին անոր առջեւ, խուլ ու դժուարախօս ու կ’աղաչէին որ անոր վրայ ձեռք դնէ։ 33Ժողովուրդէն մէկդի առնելով զանիկա, իր մատները անոր ականջներուն մէջ խոթեց ու թքաւ, եւ անոր լեզուին դպաւ, 34ապա երկինք նայելով՝ հառաչեց ու ըսաւ անոր. «Եփփաթա», (որ ըսել է բացուէ՛). 35եւ իսկոյն անոր ականջները բացուեցան ու անոր լեզուին կապը քակուեցաւ եւ շիտակ կը խօսէր։ 36Յիսուս անոնց պատուիրեց որ մարդո՛ւ չըսեն։ Թէեւ ինք կը պատուիրէր անոնց, բայց անոնք ա՛լ աւելի կը տարածէին 37ու չափէ դուրս կը զարմանային ու կ’ըսէին. «Ամէն բաները աղէկ ըրաւ ասիկա, որ խուլերուն լսել կու տայ եւ համրերուն՝ խօսիլ»։

Currently Selected:

ՄԱՐԿՈՍ 7: WA2017

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in