YouVersion Logo
Search Icon

ՄԱՐԿՈՍ 6

6
ՅԻՍՈՒՍ ՆԱԶԱՐԷԹԻ ՄԷՋ ԿԸ ՄԵՐԺՈՒԻ
(Մատթ. 13.53-58, Ղուկ. 4.16-30)
1Անկէ ելլելով գնաց իր երկիրը։ Իր աշակերտները իր ետեւէն գացին։ 2Երբ Շաբաթ օրը հասաւ, սկսաւ ժողովարանին մէջ սորվեցնել։ Շատեր լսելով կը զարմանային ու կ’ըսէին. «Ասիկա ուրկէ՞ ունի այս բաները եւ այս ի՞նչ իմաստութիւն է ասոր տրուած, որ այսպիսի հրաշքներ կ’ըլլան ասոր ձեռքով։ 3Ասիկա հիւսնը չէ՞։ Մարիամին որդին եւ Յակոբոսին ու Յովսէսին եւ Յուդային ու Սիմոնին եղբայրը ու ասոր քոյրերը հոս մեր քով չե՞ն»։ Անոր վրայով կը գայթակղէին։ 4Բայց Յիսուս ըսաւ անոնց. «Մարգարէ մը ոեւէ տեղ անպատիւ չէ՝ բայց միայն իր երկրին, իր ազգականներուն եւ իր տանը մէջ»։ 5Ու չէր կրնար հոն հրաշք ընել, միայն քանի մը հիւանդներու վրայ ձեռք դրաւ ու բժշկեց զանոնք։ 6Ինք անոնց անհաւատութեանը վրայ կը զարմանար ու շրջակայ գիւղերը պտըտելով՝ կը սորվեցնէր։
ՅԻՍՈՒՍ ՏԱՍՆԵՐԿՈՒ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԴՈՒՐՍ ԿԸ ՂՐԿԷ
(Մատթ. 10.5-15, Ղուկ. 9.1-6)
7Իրեն կանչեց տասներկուքը ու երկու երկու ղրկեց զանոնք ու անոնց իշխանութիւն տուաւ պիղծ ոգիներուն վրայ 8եւ պատուիրեց անոնց՝ որ ճամբու համար բան մը չառնեն, բայց միայն գաւազան մը. ո՛չ պարկ, ո՛չ հաց, ո՛չ ստակ՝ գօտիներուն մէջ. 9հապա հողաթափ հագնին. եւ «Կրկին հանդերձ մի՛ հագնիք», ըսաւ։ 10Ու աւելցուց. «Ո՛ր տուն որ մտնէք, հոն կեցէք մինչեւ անկէ ելլէք։ 11Անոնք որ ձեզ չեն ընդունիր ու ձեզի մտիկ չեն ըներ, երբ անկէ ելլէք, ոտքերնուդ տակի փոշին թօթուեցէք՝ անոնց վկայութիւն ըլլալու համար։ #6.11 Ոմանք չունինՃշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Սոդոմացիներուն ու Գոմորացիներուն աւելի դիւրին պիտի ըլլայ դատաստանին օրը քան թէ այն քաղաքին»։
12Անոնք ելլելով, կը քարոզէին որ մարդիկ ապաշխարեն։ 13Շատ դեւեր կը հանէին ու շատ հիւանդներ իւղով կ’օծէին ու կը բժշկէին զանոնք։
14Երբ Հերովդէս թագաւորը լսեց, (քանզի անոր անունը յայտնի եղաւ), ըսաւ. «Յովհաննէս Մկրտիչ մեռելներէն յարութիւն առեր է ու անոր համար հրաշքներ կ’ըլլան անով»։ 15Ուրիշներ կ’ըսէին. «Եղիան է». ուրիշներ ալ կ’ըսէին. «Մարգարէ մըն է, կամ մարգարէներէն մէկուն պէս»։ 16Բայց Հերովդէս կրկին ըսաւ. «Ասիկա Յովհաննէսն է, որուն գլուխը ես կտրեցի, մեռելներէն յարութիւն առեր է»։
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՄԿՐՏՉԻՆ ՄԱՀԸ
(Մատթ. 14.1-12, Ղուկ. 9.7-9)
17Քանզի Հերովդէս ինք մարդ ղրկեց Յովհաննէսը բռնեց ու կապելով բանտը դրաւ իր եղբօրը Փիլիպպոսի կնոջ՝ Հերովդիային՝ համար, քանզի իրեն կին առեր էր զանիկա։ 18Վասն զի Յովհաննէս Հերովդէսին կ’ըսէր. «Քեզի օրինաւոր չէ քու եղբօրդ կինը առնել»։ 19Հերովդիա ոխ ունէր անոր դէմ ու կ’ուզէր զանիկա մեռցնել ու չէր կրնար. 20վասն զի Հերովդէս կը վախնար Յովհաննէսէն, գիտնալով թէ անիկա արդար եւ սուրբ մարդ մըն է եւ անոր բերանը կը նայէր ու անկէ լսելով՝ շատ բաներ կ’ընէր եւ քաղցրութեամբ մտիկ կ’ընէր։ 21Յարմար օր մը եկաւ՝ երբ Հերովդէս իր ծննդեան օրը՝ ընթրիք կ’ընէր իր մեծամեծներուն եւ հազարապետներուն ու Գալիլիայի երեւելիներուն հետ։ 22Հերովդիայի աղջիկը հանդէսին սրահը մտնելով պարեց ու հաճելի եղաւ Հերովդէսին եւ իրեն հետ նստողներուն։ Թագաւորը ըսաւ աղջկան. «Խնդրէ ինծմէ ինչ որ կ’ուզես ու պիտի տամ քեզի»։ 23Եւ անոր երդում ըրաւ ըսելով. «Ինչ որ դուն ինծմէ խնդրես, պիտի տամ քեզի, մինչեւ թագաւորութեանս կէսը»։ 24Աղջիկը դուրս ելլելով՝ իր մօրը հարցուց. «Ի՞նչ ուզեմ»։ Ան ալ ըսաւ. «Յովհաննէս Մկրտչին գլուխը»։ 25Շուտ մը արտորալով թագաւորին քով մտաւ ու խնդրեց՝ ըսելով. «Կ’ուզեմ որ շուտով սկուտեղի մը վրայ Յովհաննէս Մկրտչին գլուխը տաս ինծի»։ 26Թագաւորը խիստ տրտմեցաւ, բայց երդումներուն համար ու իրեն հետ նստողներուն համար չուզեց որ անոր խնդիրքը մերժէ։ 27Թագաւորը իսկոյն դահիճ մը ղրկեց ու հրաման ըրաւ Յովհաննէսին գլուխը բերել։ Ան ալ գնաց, բանտին մէջ գլխատեց զանիկա 28եւ սկուտեղով մը բերաւ անոր գլուխը ու տուաւ աղջկան։ Աղջիկը զանիկա իր մօրը տուաւ։ 29Յովհաննէսին աշակերտները լսելով՝ եկան անոր մարմինը վերցուցին ու գերեզմանի մէջ դրին։
ՅԻՍՈՒՍ ՀԻՆԳ ՀԱԶԱՐԸ ԿԸ ԿԵՐԱԿՐԷ
(Մատթ. 14.13-21, Ղուկ. 9.10-17, Յովհ. 6.1-14)
30Առաքեալները Յիսուսին քով ժողվուեցան ու պատմեցին անոր ամէն ինչ որ ըրին եւ ինչ որ սորվեցուցին։ 31Անիկա ալ ըսաւ անոնց. «Եկէք դուք առանձին անապատ մը եւ քիչ մը հանգչեցէք», քանզի շատեր կու գային ու կ’երթային եւ հաց ուտելու ալ ժամանակ չէին ձգեր։ 32Նաւով անապատ մը գացին՝ առանձինն։ 33Ու ժողովուրդը տեսաւ զանոնք, որ կ’երթային։ Շատեր զանիկա ճանչցան ու ոտքով բոլոր քաղաքներէն հոն կը վազէին։ Անոնցմէ առաջ հասնելով անոր քով ժողվուեցան։ 34Յիսուս, երբ դուրս ելաւ, շատ ժողովուրդ տեսնելով խղճաց անոնց վրայ, վասն զի հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս էին եւ շատ բաներ սորվեցուց անոնց։
35Երբ ժամանակը շատ անցաւ, իր աշակերտները իրեն եկան ու ըսին. «Հոս անապատ տեղ մըն է, ժամանակը անցած է։ 36Արձակէ ժողովուրդը որպէս զի երթան բոլորտիքի ագարակները ու գիւղերը ու իրենց հաց գնեն, վասն զի ուտելու բան մը չունին»։ 37Բայց անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Դուք տուէք ատոնց որ ուտեն»։ Ըսին իրեն. «Երթանք երկու հարիւր դահեկանի հաց գնենք եւ տա՞նք ատոնց որ ուտեն»։ 38Ըսաւ անոնց. «Քանի՞ նկանակ ունիք, գացէք նայեցէ՛ք»։ Երբ իմացան՝ ըսին. «Հինգ ու երկու ձուկ»։ 39Հրաման ըրաւ անոնց՝ որ ամէնքը կանանչ խոտին վրայ գունդ գունդ նստեցնեն։ 40Դաս դաս նստան, հարիւրական, յիսունական։ 41Հինգ նկանակը ու երկու ձուկը առաւ ու դէպի երկինք նայելով՝ օրհնեց եւ մանրեց նկանակները ու տուաւ իր աշակերտներուն, որպէս զի անոնց առջեւ դնեն ու երկու ձուկը ամենուն ալ բաժնեն։ 42Ամէնքը կերան ու կշտացան, 43եւ տասներկու կողով լեցուն՝ կտորուանք վերցուցին եւ ձուկերէն ալ։ 44Այն հացերէն ուտողները հինգ հազարի չափ այր մարդիկ էին։
ՅԻՍՈՒՍ ՋՈՒՐԻՆ ՎՐԱՅԷՆ ԿԸ ՔԱԼԷ
(Մատթ. 14.22-33, Յովհ. 6.15-21)
45Շուտ մը իր աշակերտները արտորցուց որ նաւը մտնեն եւ իրմէ առաջ միւս կողմը Բեթսայիդա անցնին, մինչեւ որ ինք ժողովուրդը արձակէ, 46ու անոնցմէ զատուելով՝ լեռը ելաւ աղօթք ընելու։ 47Երբ իրիկուն եղաւ, նաւը ծովուն մէջտեղն էր, բայց ինք մինակ ցամաքն էր։ 48Տեսաւ զանոնք, որ կը տագնապէին հովէն թի քաշելու ատեն, վասն զի հովը իրենց դէմ էր։ Յիսուս գիշերուան չորրորդ պահուն ծովուն վրայէն քալելով գնաց անոնց։ Կ’ուզէր անոնցմէ անցնիլ։ 49Անոնք, երբ տեսան, որ ծովուն վրայէն կը քալէր, կարծեցին թէ աչքի երեւոյթ մըն է, ուստի կանչուըռտեցին. 50քանզի ամէնքն ալ զանիկա տեսան ու խռովեցան։ Ինք շուտ մը խօսեցաւ անոնց հետ ու ըսաւ. «Քա՛ջ եղէք, ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք»։ 51Եւ նաւը ելաւ անոնց քով ու հովը դադարեցաւ։ Անոնք մտքերնուն մէջ չափէ դուրս ապշած էին ու կը զարմանային, 52վասն զի հացին վրայ եղած հրաշքը չիմացան, քանզի սրտերնին թմրած էր։
ԳԵՆՆԵՍԱՐԷԹԻ ՄԷՋ ՀԻՒԱՆԴՆԵՐ ԿԸ ԲԺՇԿԷ
(Մատթ. 14.34-36)
53Միւս կողմը անցնելով՝ Գեննեսարէթի երկիրը հասան ու նաւը տեղաւորեցին։ 54Երբ նաւէն ելան, այն տեղի մարդիկը իսկոյն ճանչցան զանիկա 55եւ ասդին անդին վազեցին բոլոր շրջակայքը։ Սկսան մահիճներով հիւանդներ բերել՝ ուր որ կը լսէին թէ հոն է։ 56Եւ ուր որ կը մտնէր, գիւղերը կամ քաղաքները կամ ագարակները, հրապարակներուն մէջ կը դնէին հիւանդները ու կ’աղաչէին իրեն որ գոնէ իր հանդերձին քղանցքին դպչին։ Անոնք որ դպան՝ բժշկուեցան։

Currently Selected:

ՄԱՐԿՈՍ 6: WA2017

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in