1
ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 15:34
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
Ժամը երեքին Յիսուս բարձրաձայն աղաղակեց, ըսելով. – «Էլի՛, էլի՛, լա՞մա սաբաքթանի», որ կը նշանակէ. «Աստուած իմ, Աստուած իմ, ինչո՞ւ լքեցիր զիս»։
Compare
Explore ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 15:34
2
ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 15:39
Հարիւրապետը որ հոն՝ անոր դիմաց կանգնած էր, երբ տեսաւ թէ ի՛նչպէս Յիսուս աղաղակեց եւ հոգին աւանդեց, ըսաւ. – Իրապէս որ այս մարդը Աստուծոյ Որդին էր։
Explore ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 15:39
3
ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 15:38
Տաճարին վարագոյրը վերէն վար պատռուեցաւ եւ երկու մասի բաժնուեցաւ։
Explore ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 15:38
4
ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 15:37
Յիսուս բարձր աղաղակ մը արձակեց եւ հոգին աւանդեց։
Explore ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 15:37
5
ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 15:33
Գրեթէ կէսօր էր, երբ խաւարը պատեց ամբողջ երկիրը մինչեւ ժամը երեք։
Explore ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 15:33
6
ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 15:15
Պիղատոս ամբոխը գոհացնել ուզելով՝ ազատ արձակեց Բարաբբան, իսկ Յիսուսը մտրակով ծեծել տալէ ետք զինուորներուն յանձնեց, որպէսզի խաչեն։
Explore ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 15:15
Home
Bible
Plans
Videos