Ժայռոտ հողը կը նմանի այն մարդուն, որ հազիւ Աստուծոյ խօսքը լսած՝ ուրախութեամբ կ՚ընդունի զայն։ Սակայն սերմը արմատ չունի իր մէջ, այսինքն՝ ժամանակուան մը համար կը հաւատայ, եւ երբ նեղութեան եւ Աստուծոյ խօսքին համար հալածանքի ենթարկուի՝ անմիջապէս իր հաւատքը կը կորսնցնէ։