ահա թէ ինչո՛ւ ինքզինքս արժանի չգտայ քեզի գալու։ Միայն հրահանգ մը տուր եւ ծառան պիտի առողջանայ։ Որովհետեւ ես ալ, որպէս իշխանութեան ենթակայ մարդ մը՝ ձեռքիս տակ զինուորներ ունիմ. մէկուն կ՚ըսեմ՝ «Գնա՛» եւ կ՚երթայ, ուրիշի մը կ՚ըսեմ՝ «Եկո՛ւր» եւ կու գայ. ծառայիս կ՚ըսեմ՝ «Ատիկա ըրէ» եւ կը կատարէ։
Յիսուս երբ լսեց ասիկա, հիացաւ անոր վրայ, եւ դառնալով իրեն հետեւող բազմութեան, ըսաւ.
– Իրապէ՛ս կ՚ըսեմ ձեզի, թէ նոյնիսկ Իսրայէլի մէջ այսչափ հաւատք չգտայ։