Յիսուս օր մը երբ քաղաք մը հասաւ, ահա բորոտութեամբ ծածկուած մարդ մը տեսաւ զինք եւ երեսին վրայ գետին փռուելով՝ աղաչեց եւ ըսաւ.
– Տէ՛ր, եթէ ուզես՝ կրնաս զիս մաքրել։
Յիսուս ձեռքը երկարեց, դպաւ անոր ու ըսաւ.
– Կ՚ուզեմ, մաքրուէ՛։
Անմիջապէս բորոտութիւնը գնաց անկէ։