1
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 15:20
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
Ապա ելաւ եւ հօրը քով գնաց։ Տակաւին տունէն բաւական հեռու էր, երբ հայրը տեսաւ զինք ու գթաց. վազելով դիմաւորեց զայն, վիզին փաթթուեցաւ եւ համբուրեց։
Compare
Explore ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 15:20
2
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 15:24
Որովհետեւ իմ այս զաւակս մեռած էր՝ ողջնցաւ, կորսուած էր՝ գտնուեցաւ»։ Եւ սկսան խրախճանքի։
Explore ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 15:24
3
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 15:7
Կ՚ըսեմ ձեզի, երկինքի մէջ նոյնպէս ուրախութիւն պիտի ըլլայ մէկ ապաշխարող մեղաւորի համար, քան իննսունինը արդարներու համար, որոնք ապաշխարութեան պէտք չունին։
Explore ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 15:7
4
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 15:18
Ելլեմ երթամ հօրս քով եւ ըսեմ իրեն.է Հա՛յր, մեղանչեցի Աստուծոյ եւ քեզի դէմ.
Explore ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 15:18
5
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 15:21
Որդին հօրը ըսաւ. «Հա՛յր, մեղանչեցի Աստուծոյ եւ քեզի դէմ. այլեւս արժանի չեմ քու որդիդ կոչուելու»։
Explore ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 15:21
6
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 15:4
Ենթադրենք որ ձեզմէ մէկը հարիւր ոչխար ունի։ Երբ անոնցմէ մէկը կորսնցնէ, չի՞ ձգեր իննսունինը արօտավայրին մէջ եւ չ՚ե՞րթար կորսուածին ետեւէն, մինչեւ որ գտնէ զայն։
Explore ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 15:4
Home
Bible
Plans
Videos