Ահա պիտի յղանաս եւ զաւակ մը ծնիս, որ Յիսուս պիտի կոչես։ Անիկա մեծ պիտի ըլլայ եւ Բարձրեալին Որդին պիտի կոչուի։ Տէր Աստուած անոր պիտի տայ իր հօրը՝ Դաւիթի գահը, եւ անիկա Յակոբի սերունդներուն վրայ յաւիտեանս պիտի թագաւորէ։ Անոր թագաւորութիւնը անվախճան պիտի ըլլայ։