1
ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 2:38
Western Armenian Bible 1853
Պետրոս ըսաւ անոնց. «Ապաշխարեցէ՛ք ու ձեզմէ ամէն մէկը թող մկրտուի Յիսուս Քրիստոսին անունովը մեղքերու թողութեան համար եւ Սուրբ Հոգիին պարգեւը պիտի ընդունիք։
Compare
Explore ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 2:38
2
ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 2:42
Միշտ առաքեալներուն վարդապետութեան, միաբանութեան, հաց կտրելու եւ աղօթելու ետեւէն էին։
Explore ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 2:42
3
ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 2:4
Եւ ամէնքն ալ Սուրբ Հոգիով լեցուեցան ու սկսան ուրիշ լեզուներով խօսիլ, ինչպէս Հոգին իրենց խօսիլ կու տար։
Explore ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 2:4
4
ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 2:2-4
Յանկարծակի երկնքէն ձայն մը եղաւ սաստկաշունչ հովի մը ձայնին պէս եւ բոլոր տունը լեցուց՝ ուր նստեր էին Եւ բաժնուած լեզուներ երեւցան իրենց՝ որպէս թէ կրակէ՝ ու ամէն մէկուն վրայ նստան։ Եւ ամէնքն ալ Սուրբ Հոգիով լեցուեցան ու սկսան ուրիշ լեզուներով խօսիլ, ինչպէս Հոգին իրենց խօսիլ կու տար։
Explore ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 2:2-4
5
ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 2:46-47
Ամէն օր միաբանութեամբ տաճարը երթալու ետեւէ էին եւ տուներնին հաց կը կտրէին ու կերակուրնին կ’ուտէին ուրախութեամբ եւ սրտի միամտութեամբ։ Աստուած կ’օրհնէին ու բոլոր ժողովուրդին առջեւ շնորհք կը գտնէին։ Տէրը օրէ օր փրկուածներ կ’աւելցնէր եկեղեցիին։
Explore ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 2:46-47
6
ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 2:17
‘Եւ պիտի ըլլայ որ վերջին օրերը, կ’ըսէ Աստուած, իմ Հոգիէս ամէն մարմնի վրայ պիտի թափեմ ու ձեր տղաքը եւ ձեր աղջիկները պիտի մարգարէանան ու ձեր երիտասարդները տեսիլքներ պիտի տեսնեն եւ ձեր ծերերը երազներ պիտի տեսնեն
Explore ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 2:17
7
ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 2:44-45
Բոլոր հաւատացեալները մէկտեղ էին եւ ամէն բաներնին հասարակաց էր։ Ստացուածքնին եւ ունեցած բաներնին կը ծախէին ու անոնց գինը կը բաժնէին ամենուն, որու որ բան մը պէտք ըլլար։
Explore ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 2:44-45
8
ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 2:21
Եւ պիտի ըլլայ որ ամէն ո՛վ որ Տէրոջը անունը կանչէ՝ պիտի փրկուի’։
Explore ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 2:21
9
ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 2:20
Արեւը խաւարի պիտի դառնայ եւ լուսինը՝ արիւնի, դեռ Տէրոջը մեծ ու երեւելի օրը չեկած։
Explore ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 2:20
YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy
Home
Bible
Plans
Videos