1
ԵՐԿՐՈՐԴ ՊԵՏՐՈՍԻ 3:9
Western Armenian Bible 1853
Տէրը չուշացներ իր խոստումը, ինչպէս ոմանք ուշացուցած կը սեպեն, հապա երկայնամիտ կ’ըլլայ. վասն զի չուզեր որ մէ՛կը կորսուի, հապա որ ամէնքը ապաշխարեն։
Compare
Explore ԵՐԿՐՈՐԴ ՊԵՏՐՈՍԻ 3:9
2
ԵՐԿՐՈՐԴ ՊԵՏՐՈՍԻ 3:8
Այս մէկ բանը ձեզմէ ծածուկ չմնայ, սիրե՛լիներ, թէ Տէրոջը քով մէկ օրը հազար տարուան պէս է ու հազար տարին՝ մէկ օրուան պէս։
Explore ԵՐԿՐՈՐԴ ՊԵՏՐՈՍԻ 3:8
3
ԵՐԿՐՈՐԴ ՊԵՏՐՈՍԻ 3:18
Հապա աճեցէ՛ք մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսին շնորհքովը ու գիտութիւնովը։ Անոր փառք հիմա ու մինչեւ յաւիտեան։ Ամէն։
Explore ԵՐԿՐՈՐԴ ՊԵՏՐՈՍԻ 3:18
4
ԵՐԿՐՈՐԴ ՊԵՏՐՈՍԻ 3:10
Սակայն Տէրոջը օրը գողի պէս պիտի գայ, այն ատեն երկինք սաստիկ շառաչիւնով պիտի անցնի ու տարերքները բռնկած պիտի լուծուին. երկիրն ալ ու ինչ որ անոր մէջ կը գտնուի, պիտի այրուին։
Explore ԵՐԿՐՈՐԴ ՊԵՏՐՈՍԻ 3:10
5
ԵՐԿՐՈՐԴ ՊԵՏՐՈՍԻ 3:11-12
Ուստի քանի որ այս բոլոր բաները պիտի լուծուին, ձեզի ի՞նչպիսի մարդիկ ըլլալ կը վայելէ՝ սուրբ վարմունքով ու բարեպաշտութեամբ, սպասելով Ու արտորալով Աստուծոյ օրուանը գալուն, որուն մէջ երկինք կրակով այրուած պիտի լուծուի, տարրերը բռնկած պիտի հալին։
Explore ԵՐԿՐՈՐԴ ՊԵՏՐՈՍԻ 3:11-12
Home
Bible
Plans
Videos