1
ՄԱՐԿՈՍ 10:45
Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017
Քանզի Որդին մարդոյ չեկաւ սպասաւորութիւն ընդունելու, հապա սպասաւորութիւն ընելու եւ իր կեանքը շատերուն համար իբր փրկանք տալու»։
Compare
Explore ՄԱՐԿՈՍ 10:45
2
ՄԱՐԿՈՍ 10:27
Յիսուս անոնց նայելով՝ ըսաւ. «Ատիկա մարդոց կողմէ անկարելի է, բայց ո՛չ Աստուծոյ կողմէ. քանզի Աստուծոյ կողմէն ամէն բան կարելի է»։
Explore ՄԱՐԿՈՍ 10:27
3
ՄԱՐԿՈՍ 10:52
Եւ Յիսուս ըսաւ անոր. «Գնա՛. քու հաւատքդ քեզ բժշկեց»։ Եւ շուտ մը անոր աչքերը բացուեցան ու ճամբան Յիսուսին ետեւէն կ’երթար։
Explore ՄԱՐԿՈՍ 10:52
4
ՄԱՐԿՈՍ 10:9
Ուրեմն զայն որ Աստուած միաւորեց, մարդ թող չզատէ»։
Explore ՄԱՐԿՈՍ 10:9
5
ՄԱՐԿՈՍ 10:21
Յիսուս անոր նայելով՝ սիրեց զանիկա ու ըսաւ անոր. «Մէկ բան պակաս է քեզի. գնա՛, ունեցածդ ծախէ՛, տո՛ւր աղքատներուն ու երկինքը գանձ պիտի ունենաս եւ խաչը վերցուր ու եկուր իմ ետեւէս»։
Explore ՄԱՐԿՈՍ 10:21
6
ՄԱՐԿՈՍ 10:51
Եւ Յիսուս ըսաւ անոր. «Ի՞նչ կ’ուզես որ քեզի ընեմ» կոյրը ըսաւ. «Ռաբբունի, կ’ուզեմ որ աչքերս բացուին»։
Explore ՄԱՐԿՈՍ 10:51
7
ՄԱՐԿՈՍ 10:43
բայց ձեր մէջ այնպէս պէտք չէ ըլլայ, հապա ձեզմէ ով որ մեծ ըլլալ կ’ուզէ, անիկա ձեր սպասաւորը պէտք է ըլլայ.
Explore ՄԱՐԿՈՍ 10:43
8
ՄԱՐԿՈՍ 10:15
Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ով որ Աստուծոյ թագաւորութիւնը պզտիկ տղու մը պէս չընդունի, բնաւ պիտի չմտնէ անոր մէջ»։
Explore ՄԱՐԿՈՍ 10:15
9
ՄԱՐԿՈՍ 10:31
Բայց շատ առաջիններ պիտի ըլլան յետին ու յետիններ՝ առաջին»։
Explore ՄԱՐԿՈՍ 10:31
10
ՄԱՐԿՈՍ 10:6-8
բայց ստեղծագործութեան սկիզբէն Աստուած զանոնք արու եւ էգ ըրաւ», ու ըսաւ . «Ասոր համար մարդ իր հայրը ու մայրը պիտի ձգէ եւ իր կնոջ պիտի յարի ու երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան. ուստի ա՛լ երկու չեն, հապա մէկ մարմին։
Explore ՄԱՐԿՈՍ 10:6-8
Home
Bible
Plans
Videos