Կինը երբ տեսաւ թէ բանը անկէ չծածկուեցաւ, դողալով եկաւ ու անոր առջեւ ինկաւ եւ բոլոր ժողովուրդին առջեւ անոր պատմեց թէ ի՛նչ բանի համար անոր դպեր էր եւ թէ ի՛նչպէս ինք իսկոյն բժշկուեցաւ։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Քաջալերուէ՛, ա՛ղջիկ, քու հաւատքդ քեզ բժշկեց։ Գնա խաղաղութեամբ»։