1
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 19:30
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
Երբ Յիսուս լեղիով խառն քացախը խմեց, ըսաւ. – Ամէն ինչ վերջացած է։ Ապա գլուխը խոնարհեցուց եւ հոգին աւանդեց։
Параўнаць
Даследуйце ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 19:30
2
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 19:28
Անկէ ետք Յիսուս գիտցաւ թէ ամէն ինչ վերջացած է, եւ որպէսզի Սուրբ գիրքը ամբողջապէս կատարուած ըլլայ, ըսաւ. – Ծարաւ եմ։
Даследуйце ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 19:28
3
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 19:26-27
Յիսուս երբ տեսաւ իր մայրը եւ իր սիրած աշակերտը, որ մօրը քով կեցած էր, ըսաւ մօրը. – Մա՛յր, ահաւասիկ զաւակդ։ Յետոյ ըսաւ իր աշակերտին. – Ահաւասիկ մայրդ։ Եւ այդ օրուընէ աշակերտը զայն իր մօտ առաւ։
Даследуйце ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 19:26-27
4
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 19:33-34
Բայց երբ Յիսուսի եկան, տեսան որ անիկա արդէն իսկ մեռած էր, ուստի չկոտրեցին անոր սրունքները։ Սակայն զինուորներէն մէկը նիզակը անոր կողը խրեց, եւ անմիջապէս արիւն ու ջուր հոսեցաւ։
Даследуйце ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 19:33-34
5
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 19:36-37
Ասիկա պատահեցաւ՝ որպէսզի իրականանայ Սուրբ գիրքերուն մէջ ըսուածը. «Անոր ոեւէ մէկ ոսկորը պիտի չփշրուի», ինչպէս նաեւ միւս գրուածը, որ կ՚ըսէ. «Պիտի նային անոր՝ որ խոցեցին»։
Даследуйце ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 19:36-37
6
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 19:17
Յիսուս խաչը շալկած ելաւ այն տեղը, որ Գանկի վայր կը կոչուէր, Եբրայերէն՝ Գողգոթա։
Даследуйце ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 19:17
7
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 19:2
Զինուորները փուշէ պսակ մը շինեցին եւ դրին անոր գլխուն եւ ապա ծիրանի զգեստ հագցուցին անոր։
Даследуйце ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 19:2
Стужка
Біблія
Пляны чытаньня
Відэа