1
ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 1:8
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
Բայց երբ Սուրբ Հոգին իջնէ ձեր վրայ, զօրութեամբ պիտի լեցուիք եւ իմ վկաներս պիտի ըլլաք՝ Երուսաղէմի, ամբողջ Հրէաստանի եւ Սամարիայի մէջ, եւ մինչեւ աշխարհի ծայրամասերը։
Параўнаць
Даследуйце ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 1:8
2
ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 1:7
Յիսուս պատասխանեց. –Դուք չէք կրնար գիտնալ ժամերն ու ժամանակները, որ Հայրը իր իշխանութեամբ որոշած է։
Даследуйце ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 1:7
3
ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 1:4-5
Եւ առիթով մը, երբ անոնց հետ միասին հաց կ՚ուտէր, անոնց պատուիրեց. – Երուսաղէմէն մի՛ հեռանաք, սպասեցէք՝ մինչեւ ստանաք Հօրը խոստումը, որուն մասին խօսեցայ ձեզի։ Յովհաննէս ջուրով մկրտեց, բայց դուք Սուրբ Հոգիով պիտի մկրտուիք մօտ ատենէն։
Даследуйце ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 1:4-5
4
ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 1:3
Իր չարչարանքներուն յաջորդող քառասուն օրերուն ընթացքին ան քանիցս երեւցաւ անոնց, բազմաթիւ կերպերով ցոյց տալով՝ թէ ինք այլեւս ողջ է, եւ խօսեցաւ Աստուծոյ արքայութեան մասին։
Даследуйце ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 1:3
5
ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 1:9
Այս խօսքերէն ետք, մինչ անոր կը նայէին, Յիսուս երկինք համբարձաւ, եւ ամպ մը ծածկեց զինք անոնց տեսողութենէն։
Даследуйце ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 1:9
6
ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 1:10-11
Եւ երբ տակաւին առաքեալները իրենց աչքերը երկինք յառած՝ Յիսուսի մեկնիլը կը դիտէին, ահա երկու սպիտակազգեստ մարդիկ երեւցան անոնց եւ ըսին. –Ո՛վ Գալիլեացիներ, ինչո՞ւ կեցեր երկինքը կը դիտէք։ Այս Յիսուսը որ երկինք համբարձաւ, օր մը դարձեալ պիտի գայ այնպէս՝ ինչպէս անոր երկինք երթալը տեսաք։
Даследуйце ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 1:10-11
Стужка
Біблія
Пляны чытаньня
Відэа