1
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:7
Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017
«Խնդրեցէ՛ք եւ պիտի տրուի ձեզի. փնտռեցէ՛ք եւ պիտի գտնէք. դուռը զարկէք եւ պիտի բացուի ձեզի։
قارن
اكتشف ՄԱՏԹԷՈՍ 7:7
2
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:8
Վասն զի ամէն ով որ կը խնդրէ՝ կ’առնէ, եւ ով որ կը փնտռէ՝ կը գտնէ եւ ով որ դուռը կը զարնէ՝ պիտի բացուի անոր։
اكتشف ՄԱՏԹԷՈՍ 7:8
3
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:24
«Արդ ով որ իմ խօսքերս կը լսէ եւ կը կատարէ զանոնք, զանիկա պիտի նմանցնեմ խելացի մարդու մը՝ որ իր տունը վէմի վրայ շինեց։
اكتشف ՄԱՏԹԷՈՍ 7:24
4
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:12
Ուստի ամէն ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք, քանզի այս է օրէնքը ու մարգարէները»։
اكتشف ՄԱՏԹԷՈՍ 7:12
5
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:14
Վասն զի նեղ է այն դուռը ու նեղուածք է այն ճամբան, որ դէպի կեանք կը տանի եւ քիչուոր են անոնք որ զանիկա կը գտնեն»։
اكتشف ՄԱՏԹԷՈՍ 7:14
6
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:13
«Նեղ դռնէն ներս մտէք. վասն զի լայն է այն դուռը ու ընդարձակ՝ այն ճամբան, որ դէպի կորուստ կը տանի եւ շատուոր են անոնք, որ անկէ կը մտնեն։
اكتشف ՄԱՏԹԷՈՍ 7:13
7
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:11
Ուստի եթէ դուք որ չար էք, ձեր զաւակներուն աղէկ ընծաներ տալ գիտէք, ո՜րչափ աւելի ձեր Հայրը որ երկինքն է, բարի բաներ պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն։
اكتشف ՄԱՏԹԷՈՍ 7:11
8
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:1-2
«Մի՛ դատէք, որպէս զի չդատուիք։ Քանզի ի՛նչ դատաստանով որ դատէք, անով պիտի դատուիք եւ ի՛նչ չափով որ չափէք անով պիտի չափուի ձեզի։
اكتشف ՄԱՏԹԷՈՍ 7:1-2
9
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:26
Այն որ այս իմ խօսքերս կը լսէ ու չի կատարեր, կը նմանի անխելք մարդու մը՝ որ իր տունը աւազի վրայ շինեց։
اكتشف ՄԱՏԹԷՈՍ 7:26
10
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:3-4
Եւ ինչո՞ւ եղբօրդ աչքին մէջի շիւղը կը տեսնես ու քու աչքիդ մէջի գերանին չես նայիր։ Կամ ի՞նչպէս կրնաս ըսել քու եղբօրդ, ‘Թող տուր աչքէդ շիւղը հանեմ’. եւ ահա քու աչքիդ մէջ գերան կայ։
اكتشف ՄԱՏԹԷՈՍ 7:3-4
11
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:15-16
«Զգոյշ կեցէք սուտ մարգարէներէն, որոնք ձեզի կու գան ոչխարի հանդերձներով, բայց ներսէն յափշտակող գայլեր են։ Իրենց պտուղէն պիտի ճանչնաք զանոնք։ Միթէ փուշերէն խաղող կը քաղե՞ն, կամ տատասկէն՝ թուզ։
اكتشف ՄԱՏԹԷՈՍ 7:15-16
12
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:17
Այսպէս ամէն բարի ծառ բարի պտուղ կու տայ եւ չար ծառ չար պտուղ կու տայ։
اكتشف ՄԱՏԹԷՈՍ 7:17
13
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:18
Բարի ծառը չի կրնար չար պտուղ տալ, ոչ ալ չար ծառը բարի պտուղ տալ։
اكتشف ՄԱՏԹԷՈՍ 7:18
14
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:19
Ամէն ծառ որ բարի պտուղ չի տար, կը կտրուի ու կրակը կը ձգուի։
اكتشف ՄԱՏԹԷՈՍ 7:19
الصفحة الرئيسية
الكتاب المقدس
خطط
فيديو