1
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 16:24
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
Ապա Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. – Եթէ մէկը ուզէ ինծի հետեւիլ՝ թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչը եւ ետեւէս գայ։
አወዳድር
{{ጥቅስ}} ያስሱ
2
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 16:18
Քեզի կ՚ըսեմ՝ թէ ժայռ ես դուն, եւ այդ ժայռին վրայ պիտի շինեմ իմ եկեղեցիս, զոր մահն անգամ իր ամբողջ զօրութեամբ պիտի չկրնայ յաղթահարել։
3
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 16:19
Քեզի պիտի տամ երկինքի արքայութեան բանալիները, եւ ինչ որ կապես երկրի վրայ՝ կապուած պիտի ըլլայ երկինքի մէջ, եւ ինչ որ արձակես երկրի վրայ՝ արձակուած պիտի ըլլայ երկինքի մէջ։
4
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 16:25
Որովհետեւ ո՛վ որ ուզէ իր կեանքը փրկել՝ պիտի կորսնցնէ զայն, եւ ո՛վ որ ինծի համար կորսնցնէ իր կեանքը՝ պիտի գտնէ զայն։
5
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 16:26
Ի՞նչ օգուտ, եթէ մարդ ամբողջ աշխարհը շահի, բայց իր կեանքը կորսնցնէ, որովհետեւ ի՞նչ փրկագին պիտի տայ իր կեանքը ետ առնելու համար։
6
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 16:15-16
Յիսուս հարցուց անոնց. – Իսկ դո՞ւք ով կը կարծէք զիս։ Սիմոն Պետրոս պատասխանեց. – Դուն Քրիստոսն ես, կենդանի Աստուծոյ Որդին։
7
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 16:17
Յիսուս ըսաւ անոր. – Երանի՜ քեզի, Սիմոն, Յովնանի որդի, որովհետեւ ատիկա քեզի յայտնողը մարդ մը չէր, այլ իմ Հայրս, որ երկինքի մէջ է։
ቤት
መጽሐፍ ቅዱስ
እቅዶች
ቪዲዮዎች