1
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 14:30-31
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
Բայց տեսնելով հովին սաստկութիւնը՝ վախցաւ, եւ երբ սկսաւ ընկղմիլ, «Տէ՜ ր, ազատէ՛ զիս» պոռաց։ Յիսուս անմիջապէս ձեռքը երկարելով բռնեց զայն եւ ըսաւ. – Թերահաւա՛տ, ինչո՞ւ կասկածեցար։
አወዳድር
{{ጥቅስ}} ያስሱ
2
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 14:30
Բայց տեսնելով հովին սաստկութիւնը՝ վախցաւ, եւ երբ սկսաւ ընկղմիլ, «Տէ՜ ր, ազատէ՛ զիս» պոռաց։
3
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 14:27
Յիսուս անմիջապէս խօսեցաւ անոնց հետ եւ ըսաւ. – Քա՛ջ եղէք, ես եմ, մի՛ վախնաք։
4
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 14:28-29
Պետրոս ըսաւ. – Տէ՛ր, եթէ դուն ես՝ հրամայէ որ ջուրերուն վրայէն քալելով քովդ գամ։ Յիսուս ըսաւ. – Եկո՛ւր։ Պետրոս նաւակէն իջաւ եւ ջուրերուն վրայէն քալելով սկսաւ երթալ Յիսուսի։
5
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 14:33
Նաւակին մէջ գտնուող աշակերտները երկրպագեցին Յիսուսի եւ ըսին. – Իսկապէս դուն Աստուծոյ Որդին ես։
6
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 14:16-17
Յիսուս ըսաւ. – Իրենք պէտք չունին երթալու։ Դո՛ւք տուէք անոնց ուտելիքը։ Անոնք ըսին Յիսուսի. – Հոս գրեթէ ոչինչ ունինք, բացի հինգ հացէ եւ երկու ձուկէ։
7
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 14:18-19
Յիսուս ըսաւ. – Հո՛ս բերէք ատոնք։ Եւ հրամայեց որ ժողովուրդը նստեցնեն խոտին վրայ։ Ապա առաւ հինգ հացը եւ երկու ձուկը, աչքերը երկինք բարձրացուց, օրհնեց, կտրեց հացերը եւ տուաւ աշակերտներուն, որոնք բաժնեցին ժողովուրդին։
8
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 14:20
Բոլորն ալ կերան ու կշտացան. եւ աշակերտները աւելցած կտորները հաւաքելով՝ տասներկու սակառ լեցուցին։
ቤት
መጽሐፍ ቅዱስ
እቅዶች
ቪዲዮዎች